2017-11-20 09:12:00

Սպասելով Վարչապետ Սաատ Հարիրիի վերադարձին` սերտ խորհրդակցութիւններ միջազգային գետնի վրայ


Տեղական թէ արտաքին շրջանակներու հայեացքները սեւեռած են վարչապետ Սաատ Հարիրիի վերադարձին վրայ, երբ կացութիւնը պիտի չըլլայ այն, ինչ որ էր նախքան անոր երկրէն մեկնումը: Փաստօրէն, վերջին երկու շաբաթներու իրադարձութիւնները անգամ մը եւս եկան հաստատելու, որ Լիբանան, հակառակ իր աշխարհագրական փոքր տարածքին, տակաւին կը «զբաղեցնէ» շրջանային թէ միջազգային որոշումի կեդրոնները եւ կը շարունակէ մաս կազմել մեծ պետութեանց քաղաքական «ճատրակ»-ի խաղին:

Արդարեւ, կը թուի, թէ ոսկերիչի կշիռքով ձեւաչափուած լիբանանեան քաղաքական իրավիճակը կամ սթաթիւս քուոն, սկսած է խախտիլ ու կը սպառնայ փուլ գալ եւ անբաղձալի հետեւանքներու յանգիլ` տեղական թէ արտաքին յարաբերութեանց քարտէսին վրայ:

Բարեբախտաբար, երկրի ղեկավարութիւնը ստեղծուած կացութեան մակարդակին համապատասխանող նախանձախնդրութեամբ նախաձեռնեց բարեյաջող խորհրդակցութիւններու եւ յաջողեցաւ երկրէն հեռացնել անկայունութեան վերադառնալու հաւանական սպառնալիքի դառն բաժակը:

Այս ծիրին մէջ, ուշագրաւ էին շաբաթավերջին նախագահ Միշել Աունի խորհրդակցութիւնները` տեղական թէ արտաքին բարձրաստիճան ղեկավարներու հետ: Շաբաթավերջին, նախքան Հարիրիի Ռիատէն Փարիզ մեկնումը, Ֆրանսայի նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոնի հետ կայացած հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը կը հաւաստիացնէր կայունութեան ամրապնդման անհրաժեշտութիւնը Լիբանանի մէջ: Ըստ նախագահ Աունի մօտիկ աղբիւրներու, վարչապետ Հարիրիի Ռիատէն Փարիզ մեկնումը ինքնին կարեւոր իրագործում է: Նոյն աղբիւրներուն կարծիքով` նախագահ Աուն լաւատես է եւ յոյս ունի, որ յառաջիկայ օրերու, եթէ ոչ ժամերու իրադարձութիւնները, խոստմնաից են կացութեան բարելաւման եւ մտավախութիւններու փարատումին գծով:

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսի հաղորդակցութիւնը եւս նախագահ Աունի հետ, յաւելեալ երաշխիք էր միջազգային ընտանիքի նախանձախնդրութեան` Լիբանանի կայունութեան պահպանման եւ ամրապնդման առնչութեամբ: Աւելի՛ն, ամերիկեան թէ ռուսական պաշտօնական կեցուածքներ նմանապէս կը հաստատէին Լիբանանի մէջ անդորրութեան ու կայունութեան հրամայականը: Այս պարունակին մէջ պէտք է դիտել երէկ  ամերիկեան արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսընի հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը Յորդանանի իր պաշտօնակիցին Այման Սաֆատիի հետ: Հաղորդակցութեան ընթացքին անգամ մը եւս շեշտուեցաւ Լիբանանի անկախութեան, գերիշխանութեան եւ կայունութեան պահպանման կարեւորութիւնը:

Տակաւին, Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապին կողմէ Լիբանանի համար արտասանուած աղօթքն ու օրհնութեան խօսքերը եւս ամոքիչ բալասանի համազօր էին:

Վստահաբար այս բոլորը ո՛չ միայն Լիբանանի «սեւ աչքերու» սիրոյն են, այլ որովհետեւ Լիբանանի մէջ կացութեան, քաղաքական թէ ապահովական կացութեան վատթարացումը կամ բռնկումը անպայմանօրէն իր բացասական հետեւանքները պիտի ունենայ նաեւ շրջանային թէ միջազգային մակարդակներու վրայ, եթէ ոչ ապահովական, բայց անպայման քաղաքական յարաբերութիւններու «ջերմաչափ»-ին վրայ: Ու գաղտնիք չէ, որ այդ հետեւանքներու կծիկին թելը կը կազմեն Լիբանան ապաստանած շուրջ երկու միլիոն սուրիացի գաղթականները, որոնց ոչ մէկ երկիր պիտի ուզէ «հիւրընկալել» գէթ ներկայիս:

Նմանապէս, ուշագրաւ էին արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի քուլիսային թէ բացայայտ ճիգերը` կանխարգիլելու համար երկրի քաղաքական երկփեղկումը, որ կը սպառնար յառաջացնել Արաբական լիկայի արտաքին գործոց նախարարներու արտակարգ ժողովի հաղորդագրութիւնը: Արդարեւ, այդ հաղորդագրութեան մէջ Լիբանանի քաղաքական թէ ապահովական բնագաւառներուն հակոտնեայ տրամադրութիւններ ստեղծող ծայրայեղ հաստատումներու «ջնջումը»  արգասիքն էր նախարար Պասիլի ճիգերուն, ինչպէս հաստատեց երէկ Արաբական լիկային մէջ Լիբանանի մնայուն դեսպան Անթուան Ազզամ:

Տեղական մակարդակի վրայ դարձեալ, նոյնքան ուշագրաւ էին ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի գրասենեակի տնօրէն Նատեր Հարիրիի քուլիսային սերտ ճիգերը, երկրի ներքին ճակատի միասնականութեան պահպանման եւ քաղաքական «ճեղք»-երու յառաջացման կանխարգիլման առնչութեամբ:

«Հոգատար  Մօր» Վերայայտնումը

Արտաքին մակարդակի վրայ խրախուսիչ էր Լիբանանի երբեմնի «գթասիրտ մօր»` Ֆրանսայի վերադարձը, որ բացայայտուեցաւ նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոնի խոստմնալից, փրկարար նախաձեռնութեամբ:

Հակառակ 1943-ին Լիբանանի ազգայնականներուն եւ անոնց հետեւորդներուն կողմէ երկրէն վտարուելուն, Ֆրանսայի «աչքը միշտ ետեւ մնաց» ու հետեւեցաւ Լիբանանի անցուդարձերուն` պատեհ առիթին իր փրկարար ձեռքը երկարելով լիբանանցիներուն: Վարչապետ Սաատ Հարիրիի Ռիատէն (եւ ոչ Լիբանանէն) կարդացած հրաժարականն ու անոր ստեղծած քաղաքական խառնաշփոթ վիճակը «ոսկի» առիթ էր Ֆրանսայի համար` անգամ մը եւս իր փրկարար ու հոգատար մօր հանգամանքը հաստատելու Լիբանանի նկատմամբ: Փաստօրէն, նախագահ Մաքրոն մէկէ աւելի ճակատներու վրայ իր ձեռնարկած դիւանագիտական հմուտ քայլերով միաժամանակ քանի մը «թռչուն որսաց»: Սէուտական Արաբիոյ թագաւորին, Միացեալ Նահանգներու նախագահին, մինչեւ իսկ Իսրայէլի վարչապետին հետ Մաքրոնի խորհրդակցութիւնները յաջողեցան յանգիլ արդիւնաւէտ ելքերու: Մաքրոն յաջողեցաւ մէկ վարչապետ Հարիրին ազատագրել իր այսպէս կոչուած տնային կալանքէն, երկրորդ` իր ոտքը ամուր հաստատեց շրջանային, յատկապէս` լիբանանեան ճակատին մէջ «տնօրինուելիք» ճակատագիրի բանաձեւումի իր մասնակցութեան առնչութեամբ` միաժամանակ յիշեցնելով շրջանային թէ միջազգային կողմերուն, թէ` «Լիբանան իմ հոգեհատորս է եւ անոր հանդէպ որեւէ քայլի պարագային անհրաժեշտ է իմ հաւանութիւնս»:

Ֆրանսայի նախագահը նաեւ սերտ ճիգերու նախաձեռնեց լիբանանեան մակարդակի վրայ: Նախագահ Աունի հետ իր հեռաձայնային հաղորդակցութեան կողքին, ան փրոթոքոլային խախտումի գնով չզլացաւ իր «գուրգուրանքը» տածել վարչապետ Սաատ Հարիրիին եւ անոր ընտանիքին` ճշդուած ժամանակէն աւելի երկար պահելով զանոնք Էլիզէի պալատին մէջ, աւելի սերտ ու մտերմիկ մթնոլորտի մէջ: Մաքրոն նաեւ խոստացաւ մօտիկ ապագային Լիբանանի զօրակցութեան բարեկամ երկիրներու ժողով մը կազմակերպել Փարիզի մէջ: Ան նաեւ գլուխ-գլխի կէս ժամ տեւող խորհրդակցութիւն մը ունեցաւ վարչապետ Հարիրիի հետ:

Հարիրիի Խորհրդակցութիւնները

Վարչապետ Սաատ Հարիրի իր կարգին շաբաթավերջին հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ նախագահ Միշել Աունի եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ եւ վերահաստատեց նախապէս լրագրողներուն կատարած իր յայտարարութիւնը, թէ Լիբանանի անկախութեան տօնէն առաջ Լիբանան պիտի վերադառնայ եւ նախագահ Աունի հետ իր ունենալիք խորհրդակցութեան լոյսին տակ պիտի վճռէ իր կեցուածքը: Նախքան այդ, Հարիրի վաղը, երեքշաբթի, պիտի ձեռնարկէ արաբական շրջապտոյտի մը` այցելելով նախ Եգիպտոս եւ ապա` Քուէյթ: Թէեւ Քուէյթի արտաքին գործոց փոխնախարար Խալետ Ժարալլա հերքեց Հարիրիի Քուէյթ այցելութեան հաւանականութիւնը` միաժամանակ շեշտելով, որ «Հարիրիի Քուէյթ այցելութիւնը միշտ ողջունելի է»:

Միւս կողմէ, երէկ` կիրակի, վարչապետ Սաատ Հարիրի Փարիզի իր բնակարանին մէջ ընդունեց իր հօրաքոյրը` երեսփոխան Պահիա Հարիրին եւ իր զարմիկները` Նատեր եւ Ահմետ Հարիրիները: Լրատուական աղբիւրներն ու ընկերային ցանցերու գրառումները յատուկ ուշադրութեամբ անդրադարձան Հարիրիի ողջագուրման տեսարանին իր` հօրաքրոջ Պահիա Հարիրիի հետ

Հըզպալլայի Կեցուածքը

Այս բոլորի լոյսին տակ կը նախատեսուի, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա այսօր` երկուշաբթի, 20 նոյեմբերի երեկոյեան ժամը 6:00-ին պատկերասփիւռային ելոյթով  յայտարարէ իր կեցուածքը` տեղական թէ շրջանային, յատկապէս` սուրիական ճակատի վերջին իրադարձութեանց գծով:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.